Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը փոխուա՞ծ է կամ խարդախուա՞ծ է

Աստուածաշունչը փոխուա՞ծ է կամ խարդախուա՞ծ է

 Ո՛չ։ Հին ձեռագիրներ իրարու հետ բաղդատելով յայտնի կը դառնայ, որ Աստուածաշունչը գլխաւորաբար չէ փոխուած, հակառակ անոր որ հազարաւոր տարիներու ընթացքին ընդօրինակուած է փճացող նիւթերու վրայ։

Ասիկա կը նշանակէ՞, թէ ընդօրինակութեան ատեն բնաւ սխալներ չեղան։

 Աստուածաշունչի հազարաւոր հին ձեռագիրներ յայտնաբերուած են։ Անոնցմէ ոմանց մէջ տարբերութիւններ կան, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ընդօրինակութեան ատեն սխալներ եղան։ Այս տարբերութիւններուն մեծ մասը չնչին է եւ գրութեան իմաստը չի փոխեր։ Սակայն, կան քանի մը աչքառու տարբերութիւններ, որոնցմէ ոմանք այնպէս կ’երեւի թէ շատ շատոնց դիտմամբ եղած են Աստուածաշունչին պատգամը փոխելու համար։ Նկատի առ երկու օրինակներ.

  1.   Աստուածաշունչի կարգ մը հին թարգմանութիւններ, Ա. Յովհաննէս 5։7–ին մէջ կ’ըսեն հետեւեալ խօսքերը. «երկնքի մէջ, Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին, եւ այս երեքը մէկ են»։ Սակայն, վստահելի ձեռագիրներ կը հաստատեն, թէ այդ խօսքերը բնագրին մաս չէին կազմեր։ Անոնք յետագային աւելցուեցան a։ Ուստի Աստուածաշունչի արդի թարգմանութիւններ զանոնք չեն նշեր։

  2.   Աստուծոյ անձնական անունը հազարաւոր անգամներ կ’երեւնայ Աստուածաշունչի հին ձեռագիրներու մէջ։ Բայց Աստուածաշունչի բազմաթիւ թարգմանութիւններ զայն փոխարինած են տիտղոսներով, ինչպէս՝ «Տէր» կամ «Աստուած»։

Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ ապագային յաւելեալ շատ սխալներ պիտի չյայտնաբերուին։

 Մինչեւ օրս, այնքա՛ն շատ ձեռագիրներ յայտնաբերուած են, որ որեւէ ժամանակէ աւելի դիւրին է սխալներ գտնելը b։ Այդ ձեռագիրները իրարու հետ բաղդատելը ի՞նչ յայտնած է մեր ձեռքը եղող Աստուածաշունչին ճշգրտութեան մասին։

  •   Հին Կտակարանի, կամ՝ Եբրայերէն Գրութիւններու, բովանդակութեան նկատմամբ մեկնաբանելով, ուսումնական Ուիլիամ Հ. Կրին նշեց. «Վստահութեամբ կրնանք ըսել, որ չկայ ուրիշ որեւէ հին գրութիւն որ այսքա՛ն ճշգրտութեամբ փոխանցուած է»։

  •   Նոր Կտակարանի, կամ՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նկատմամբ, Աստուածաշունչի ուսումնական Ֆ. Ֆ. Պրուս գրեց. «Մեր Նոր Կտակարանի գրութիւններուն վաւերականութեան նկատմամբ շատ աւելի ապացոյցներ կան, քան դասական հեղինակներու գրութիւններուն վաւերականութեան նկատմամբ, որ մէկու մը միտքէն չ’անցնիր հարցականի տակ առնել»։

  •   Սըր Ֆրետերիք Քէնյըն, Աստուածաշունչի ձեռագիրներու համբաւաւոր մասնագէտ մը, նշեց թէ «մէկը կրնայ ամբողջ Աստուածաշունչը իր ձեռքը բռնել եւ առանց վախի կամ կասկածի ըսել, թէ բռնած է Աստուծոյ ճշմարիտ Խօսքը, որ դարերու ընթացքին սերունդէ սերունդ փոխանցուած է՝ առանց կարեւոր բան մը անկէ պակսելու»։

Ի՞նչ յաւելեալ պատճառներ կան վստահ ըլլալու, որ Աստուածաշունչը ճշգրտութեամբ մեզի հասած է։

  •   Թէ՛ հրեայ եւ թէ քրիստոնեայ ընդօրինակողները պահեցին այն արձանագրութիւնները, որոնք կը նշեն Աստուծոյ ծառաներուն ըրած լուրջ սխալները (Թուոց 20։12. Բ. Թագաւորաց 11։2-4. Գաղատացիս 2։11-14) c։ Անոնք նաեւ չջնջեցին այն հատուածները, որոնք հրեայ ազգին անհնազանդութիւնը կը դատապարտեն եւ մարդակերտ ուսուցումները կը քօղազերծեն (Ովսէէ 4։2. Մաղաքիա 2։8, 9. Մատթէոս 23։8, 9. Ա. Յովհաննէս 5։21)։ Այս արձանագրութիւնները ճշգրտօրէն ընդօրինակելով, անոնք ցոյց տուին թէ վստահելի են եւ թէ Աստուծոյ սուրբ Խօսքը մեծապէս կ’արժեւորեն։

  •   Տրամաբանական չէ՞ որ Աստուած, որ ներշնչեց Աստուածաշունչին գրուիլը, նաեւ վստահ պիտի ըլլար որ ճշգրտօրէն մեզի հասնէր (Եսայի 40։8. Ա. Պետրոս 1։24, 25) d։ Ան ուզեց, որ ոչ միայն հին օրերուն մարդիկը անկէ օգտուին, այլ նաեւ մենք՝ ներկայիս (Ա. Կորնթացիս 10։11)։ Իրականութեան մէջ, «ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվինք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռովմայեցիս 15։4

  •   Յիսուս եւ անոր հետեւորդները Եբրայերէն Գրութիւններուն ձեռագիրներէն մէջբերեցին, առանց հարցականի տակ առնելու անոնց ճշգրտութիւնը (Ղուկաս 4։16-21. Գործք 17։1-3

a Այս խօսքերը չեն գտնուիր կարգ մը թարգմանութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Սինայական ձեռագիր մատեան, Աղեքսանդրեան ձեռագիր մատեան, Վատիկանեան 1209 ձեռագիրը, լատիներէն Վուլկաթա, Փիլոքսենեան–Հերակլեան ասորերէն թարգմանութիւնը, այսինքն՝ ասորերէն Փէշիթա թարգմանութիւնը։

b Օրինակ, Նոր Կտակարանի, կամ՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու, աւելի քան 5000 յունարէն ձեռագիրներ յայտնաբերուած են։

c Աստուածաշունչը չ’ըսեր, որ Աստուծոյ մարդկային ներկայացուցիչները անսխալական էին։ Անիկա իրատեսօրէն կը նշէ. «Մեղք չգործող մարդ չկայ» (Գ. Թագաւորաց 8։46

d Աստուածաշունչը կը յայտնէ, որ թէեւ Աստուած իր բոլոր խօսքերը բառ առ բառ գրել չտուաւ, բայց գրողներուն մտքերը առաջնորդեց (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17. Բ. Պետրոս 1։21