Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած մը կա՞յ

Աստուած մը կա՞յ

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Այո՛, Աստուածաշունչը շատ համոզիչ փաստերով ցոյց կու տայ, որ Աստուած մը կա՛յ։ Ատիկա մեզ կը քաջալերէ, որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունենանք, ոչ թէ կուրօրէն կրօնական կարծիքներ որդեգրելով, հապա՝ մեր «բանաւոր»ութիւնը (այսինքն՝ տրամաբանութիւնը) եւ մտային «կարողութիւն»ը գործածելով (Հռովմայեցիս 12։1. Ա. Յովհաննէս 5։20)։ Նկատի առ այս փաստերը Աստուածաշունչէն.

  •   Կազմակերպուած տիեզերքը եւ անոր մէջի տեսակաւոր ապրող էակները կը փաստեն, որ կա՛յ Ստեղծիչ մը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է» (Եբրայեցիս 3։4)։ Թէեւ ասիկա շատ պարզ է, բայց շատ մը ուսեալ մարդիկ ատիկա կը նկատեն շատ զօրաւոր փաստ a։

  •   Մարդ արարածը ի ծնէ ունի կեանքի իմաստը եւ նպատակը հասկնալու փափաքը. եւ ֆիզիքական կարիքները ապահովելը այս փափաքը չի գոհացներ։ Աստուածաշունչը աս փափաքին մասին կ’ըսէ որ «հոգեւոր կարիք» է։ Հոգեւոր կարիքը իր մէջ կը պարփակէ նաեւ Աստուած ճանչնալու եւ պաշտելու փափաք (Մատթէոս 5։3, ՆԱ. Յայտնութիւն 4։10բ)։ Հոգեւոր կարիքը ոչ միայն կը փաստէ, որ Աստուած գոյութիւն ունի, բայց նաեւ ցոյց կու տայ որ անիկա սիրալիր Ստեղծիչ մըն է, որ կ’ուզէ մեր այդ կարիքը գոհացնել (Մատթէոս 4։4

  •   Աստուածաշունչին մէջ կան մարգարէութիւններ, որոնք գրուած են իրենց կատարումէն դարեր առաջ եւ ատոնք մանրամասնութեա՛մբ կատարուեցան։ Այդ մարգարէութիւններուն ճշգրտութիւնը եւ անոնց մանրամասնութիւնները յստակ կերպով ցոյց կու տան, որ ատոնց աղբիւրը աստուածային է (Բ. Պետրոս 1։21

  •   Աստուածաշունչը գրողները գրի առին գիտական տեղեկութիւններ, որոնք այդ օրերու մարդոց ծանօթ չէին։ Օրինակ, անցեալին, շատեր կը հաւատային որ Երկիր մոլորակը կեցած է անասունի մը վրայ, ինչպէս՝ փիղի, վայրի խոզի կամ եզի վրայ։ Բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Աստուած «երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ» (Յոբ 26։7)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ երկրին ձեւը «շրջանակ» է կամ ուրիշ խօսքով՝ գունդ է (Եսայի 40։22)։ Շատեր կ’ըսեն որ շատ տրամաբանական է եզրակացնել, որ Աստուա՛ծ Աստուածաշունչի գրողներուն փոխանցեց այսպիսի գիտական տեղեկութիւններ, որոնք այդ օրերուն անծանօթ էին մարդոց։

  •   Աստուածաշունչը շատ մը դժուար հարցումներու պատասխանները կու տայ. հարցումներ՝ որոնք եթէ անպատասխան մնան, մարդիկը կրնան մղել որ անաստուած դառնան։ Օրինակ, եթէ Աստուած մարդիկը կը սիրէ եւ շա՛տ զօրաւոր է, ինչո՞ւ երկրի վրայ ա՛յսքան չարչարանք կայ։ Ինչո՞ւ կրօնքը մարդոց կեանքին վրայ լաւ ազդեցութիւն ունենալու տեղ՝ շատ անգամ գէշ ազդեցութիւն կ’ունենայ (Տիտոս 1։16

a Օրինակ, աստղագէտ Էլէն Սանտէյճ անգամ մը տիեզերքին մասին ըսաւ. «Իմ կարծիքովս անկարելի է որ այս կազմակերպուած տիեզերքը քաոսէ յառաջ եկած ըլլայ։ Այս կարգուկանոնը պէ՛տք է որ մէկը դրած ըլլայ։ Հակառակ անոր որ ես չեմ հասկցած Աստուծոյ գոյութեան գաղափարը, բայց ստեղծիչի մը գոյութիւնը միակ կերպն է բացատրելու, որ ինչո՛ւ բոլոր բաները գոյութիւն ունին»։