Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած ամէ՞ն տեղ է

Աստուած ամէ՞ն տեղ է

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուած կրնայ ամէն բան տեսնել եւ ուզածը ընել ո՛ւր որ կ’ուզէ (Առակաց 15։3. Եբրայեցիս 4։13)։ Բայց Աստուածաշունչը չի սորվեցներ որ Աստուած ամէն տեղ է, այսինքն՝ ամէն տեղ գոյութիւն ունի եւ ամէն բաներու մէջ է։ Ընդհակառակը, Աստուածաշունչը յստակ կը դարձնէ որ Աստուած անձնաւորութիւն է եւ որոշ վայրի մը մէջ կ’ապրի։

  •   Աստուծոյ բնոյթը. Աստուած հոգեղէն Էակ է (Յովհաննէս 4։24)։ Մարդիկ չեն կրնար տեսնել Աստուած (Յովհաննէս 1։18)։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած տեսիլքները ցոյց կու տան որ Աստուած մէկ վայրի մէջ գտնուող անձնաւորութիւն է։ Բնաւ իր մասին չէ նշուած որ ան ամէն տեղ գոյութիւն ունի (Եսայի 6։1, 2. Յայտնութիւն 4։2, 3, 8

  •   Աստուծոյ ապրած վայրը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուծոյ ‘բնակութեան տեղը երկինքն’ է (Գ. Թագաւորաց 8։30)։ Ասիկա կը նշանակէ որ Աստուած ո՛չ երկրի վրայ կ’ապրի, ոչ ալ տիեզերքին մէջ, հապա՝ երկինքը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ առիթով մը հոգեղէն արարածները գացին «Տէրոջը առջեւ կայնելու». ինչ որ ձեւով մը ցոյց կու տայ որ Եհովա Աստուած որոշ վայրի մը մէջ կ’ապրի (Յոբ 1։6) a։

Եթէ Աստուած ամէն տեղ չէ, արդեօք անձամբ ինձմով հետաքրքրուա՞ծ է

 Աստուած շա՛տ հետաքրքրուած է ամէն մէկ անհատով։ Հակառակ անոր որ Աստուած հոգեղէն վայրի մէջ կ’ապրի, ան կը նկատէ անոնք՝ որոնք կ’ուզեն իր ուզածը ընել եւ անոնց համար օգտակար եղող քայլեր կ’առնէ (Գ. Թագաւորաց 8։39. Բ. Մնացորդաց 16։9)։ Նկատի առ որ Եհովան ինչպէ՛ս ցոյց կու տայ որ զինք անկեղծօրէն պաշտողներով հետաքրքրուած է.

  •   Երբ կ’աղօթես. Եհովան կրնայ աղօթքդ լսել նոյն վայրկեանին երբ կ’աղօթես (Բ. Մնացորդաց 18։31

  •   Երբ ընկճուած ես. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ» (Սաղմոս 34։18

  •   Երբ խրատ կ’ուզես. Եհովան ‘պիտի սորվեցնէ եւ երթալու ճամբադ պիտի ցուցնէ’ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ (Սաղմոս 32։8

Կարգ մը սխալ կարծիքներ այս նիւթին մասին

 Սխալ կարծիք։ Աստուած գոյութիւն ունի իր բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ։

 Իրողութիւն։ Աստուած ո՛չ կ’ապրի երկրի վրայ, ոչ ալ բառացի տիեզերքին մէջ (Գ. Թագաւորաց 8։27)։ Ճիշդ է որ աստղերը եւ ուրիշ ստեղծագործութիւններ ‘Աստուծոյ փառքը կը պատմեն’ (Սաղմոս 19։1)։ Բայց Աստուած իր ստեղծագործութեան մէջ չ’ապրիր, ճիշդ ինչպէս որ գծագրիչ մը իր գծագրութիւններուն մէջ չ’ապրիր։ Ասով հանդերձ, գծագրութիւն մը շա՛տ բան կ’ըսէ գծագրիչին մասին։ Նոյնպէս, տեսանելի աշխարհը շա՛տ բան կը պատմէ Ստեղծիչին «աներեւոյթ» յատկութիւններուն մասին, ինչպէս՝ անոր զօրութեան, իմաստութեան եւ սիրոյն մասին (Հռովմայեցիս 1։20

 Սխալ կարծիք։ Աստուած ամէն տեղ է, քանի որ ամէն բան գիտէ եւ ամէնէն զօրաւոր անձնաւորութիւնն է։

 Իրողութիւն։ Աստուծոյ սուրբ հոգին, իր ուժը, գործունեայ ոյժ է։ Ատոր միջոցաւ Աստուած կրնայ ամէն բան գիտնալ եւ իր կամքը կատարել, առանց անձամբ ներկայ ըլլալու (Սաղմոս 139։7

 Սխալ կարծիք։ Սաղմոս 139։8–ը կը սորվեցնէ որ Աստուած ամէն տեղ է, քանի որ հոն կ’ըսէ. «Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես. եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա դուն հոն ես»։

 Իրողութիւն։ Այս համարը չի խօսիր Աստուծոյ բնակութեան վայրին մասին։ Ատիկա բանաստեղծական ոճով ցոյց կու տայ որ Աստուած կրնայ մեզի օգնել, ո՛ւր որ ալ ըլլանք։

a Ինչպէս որ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, Աստուծոյ անունը Եհովա է։