Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ միասեռականութեան մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ միասեռականութեան մասին

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Երբ Աստուած մարդիկը ստեղծեց, ան սեռային յարաբերութիւնները սահմանափակեց ամուսնական կարգադրութեան մէջ՝ տղամարդու եւ կնոջ միջեւ (Ծննդոց 1։27, 28. Ղեւտացւոց 18։22. Առակաց 5։18, 19)։ Աստուածաշունչը կը դատապարտէ այն սեռային յարաբերութիւնները, որոնք ամուսինին ու կնոջ մինչեւ չեն. ըլլա՛յ անիկա նոյն սեռի կամ հակառակ սեռի պատկանող անհատներու միջեւ (Ա. Կորնթացիս 6։18)։ Ասիկա կը պարփակէ՝ սեռային յարաբերութիւնը, դիմացինին սեռային անդամները փայփայելը, բերանային սեռը եւ սրբանային սեռը։

 Թէեւ Աստուածաշունչը կը դատապարտէ միասեռական արարքները, բայց անիկա չի հանդուրժեր միասեռականներու հանդէպ ատելութիւնը։ Փոխարէն, քրիստոնեաներուն կ’ըսուի որ ‘ամէնքը պատուեն’ (Ա. Պետրոս 2։17

 Կարելի՞ է որ մէկը միասեռական ծնի։

Աստուածաշունչը ուղղակիօրէն չի խօսիր միասեռական ցանկութիւններուն կենսաբանական պատճառներուն մասին, հակառակ անոր որ կ’ընդունի, թէ բոլորս ալ ծնած ենք Աստուծոյ պատուիրաններուն չհնազանդելու հակումով մը (Հռովմայեցիս 7։21-25)։ Սակայն փոխանակ կեդրոնանալու միասեռական ցանկութիւններուն պատճառին վրայ, Աստուածաշունչը կ’արգիլէ միասեռական արարքները։

 Միասեռական հակումներ ունենալով հանդերձ, ինչպէ՞ս կրնանք Աստուած հաճեցնել։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Թոյլ մի՛ տար որ մարմինդ ղեկավարէ քեզ։ Սպաննէ՛ սեռային բոլոր սխալ ցանկութիւնները» (Կողոսացիս 3։5, Contemporary English Version)։ Որպէսզի սպաննես սխալ ցանկութիւնները, որոնք սխալ արարքներու կ’առաջնորդեն, պէտք է մտածումներդ զսպես։ Եթէ միտքդ միշտ օգտակար մտածումներով լեցնես, սխալ ցանկութիւնները մտքէդ վռնտելը աւելի դիւրին կ’ըլլայ (Փիլիպպեցիս 4։8. Յակոբոս 1։14, 15)։ Թէեւ սկիզբը թերեւս ծանր պայքար մղես, բայց պայքարդ կրնայ կամաց-կամաց դիւրանալ։ Աստուած կը խոստանայ քեզի օգնել ‘տիրապետող մտածելակերպդ նորոգելու’ (Եփեսացիս 4։22-24, ՆԱ

 Նոյն պայքարը կը դիմագրաւեն հակառակ սեռի հանդէպ սեռային ցանկութիւններ ունեցող միլիոնաւորներ, որոնք կ’ուզեն Աստուածաշունչի չափանիշներով ապրիլ։ Օրինակ ամուրիներ, որոնք ամուսնանալու հաւանականութիւնը գրեթէ չունին, կամ անհատներ, որոնք ամուսնացած են մէկու մը հետ, որ սեռային յարաբերութիւն ունենալու անկարող է, կ’ընտրեն իրենց սեռային ցանկութիւնները զսպել, ինչ փորձութիւններու ալ հանդիպին, եւ ասով հանդերձ ուրախ կեանք մը կը վարեն։ Նոյնը կրնան ընել միասեռական ցանկութիւններ ունեցողները, եթէ իրապէս կ’ուզեն Աստուած հաճեցնել (Բ. Օրինաց 30։19