Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչի կարեւոր ուսուցումներու մասին վիտէօներ

Այս կարճ վիտէօները կարեւոր հարցումներու պատասխանները կու տան Աստուածաշունչէն. օրինակ՝ Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը, Աստուած ինչո՞ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին եւ երբ մէկը մեռնի, ո՞ւր կ’երթայ։

Տիեզերքը ստեղծուա՞ծ է

Ստեղծագործութեան պատմութիւնը շատ անգամ սխալ կը հասկցուի կամ նոյնիսկ առասպել կը նկատուի։ Տիեզերքին ծագումին մասին Աստուածաշունչին ըսածը տրամաբանակա՞ն է։

Աստուած մը կա՞յ

Նկատի առ փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, որ Աստուծոյ հաւատալը տրամաբանական է։

Աստուած անուն ունի՞

Աստուած ունի բազմաթիւ տիտղոսներ, ինչպէս՝ Ամենակարող, Ստեղծիչ եւ Տէր։ Բայց իր անունը Սուրբ Գիրքին մէջ աւելի քան 7000 անգամ նշուած է։

Աստուծոյ բարեկամը ըլլալը կարելի՞ բան է

Դարեր շարունակ, մարդիկ իրենց Ստեղծիչը գիտնալու պէտքը զգացած են։ Աստուածաշունչը կրնայ մեզի օգնել, որ Աստուծոյ բարեկամը ըլլանք։ Այս բարեկամութիւնը կը սկսի՝ Աստուծոյ անունը գիտնալով։

Ո՞վ է Աստուածաշունչին հեղինակը

Եթէ անիկա մարդիկ գրած են, կարելի՞ է որ կոչուի Աստուծոյ Խօսքը։ Աստուածաշունչը որո՞ւն մտածումները կը պարունակէ։

Աստուածաշունչը ճշգրի՞տ է

Եթէ Աստուած է Աստուածաշունչին հեղինակը, ուրեմն անիկա պէտք է իւրայատուկ գիրք մը ըլլայ։

Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը

Երկիր մոլորակը իսկապէս գեղեցիկ եւ յատուկ է։ Անիկա արեւէն յարմար հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, յարմար արագութեամբ կը դառնայ եւ յարմար ծռութիւն ունի։ Աստուած ինչո՞ւ երկիրը այսքան յատուկ կերպով ստեղծած է։

Ի՞նչ է կեանքին նպատակը

Տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս ուրախ ըլլալ եւ ի՛նչ կրնաս ընել որ կեանքդ իմաստ ունենայ։

Երբ մէկը մեռնի, ո՞ւր կ’երթայ

Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ օր մը պիտի գայ, երբ շատե՜ր յարութիւն պիտի առնեն,– Ղազարոսին պէս։

Դժոխք մը կա՞յ ուր մարդիկ կը չարչարուին

Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ քանի՛ որ «Աստուած սէր է», ան բնաւ մարդիկը չի չարչարեր իրենց անցեալի յանցանքներուն համար։

Յիսուս Քրիստոս Աստուա՞ծ է

Յիսուս Քրիստոս Ամենակալ Աստուա՞ծն է, թէ ոչ երկուքը տարբեր անձնաւորութիւններ են։

Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ

Թերեւս լսեր ես որ ան մեր մեղքերուն համար մեռաւ։ Բայց արդեօք կարելի՞ է որ անհատի մը զոհուիլը միլիոնաւորներու օգուտ բերէ։

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Երբ Յիսուս երկրի վրայ կը ծառայէր, ամէնէն շատ սորվեցուց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Դարեր շարունակ իր հետեւորդները աղօթած են որ այդ Թագաւորութիւնը գայ։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել 1914–ին

Աւելի քան 2600 տարի առաջ, Աստուած պատճառ դարձաւ որ զօրաւոր թագաւոր մը տեսնէ երազ մը, որ մարգարէութիւն էր։ Այդ մարգարէութիւնը այսօր կը կատարուի։

1914–էն ի վեր աշխարհը փոխուած է

1914–էն ի վեր աշխարհի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը ե՛ւ մարդոց ունեցած յատկութիւնները ցոյց կու տան, որ «վերջին օրերուն» նկատմամբ եղած Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները այսօր կը կատարուին։

Բնական աղէտները Աստուծմէ՞ են

Բնական աղէտներէ ազդուած երկու անհատներ կը բացատրեն, թէ Աստուածաշունչէն ի՛նչ սորված են։

Աստուած ինչո՞ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին

Աստուածաշունչը գոհացուցիչ եւ մխիթարիչ պատասխան կու տայ։

Աստուած բոլո՞ր կրօնքները կ’ընդունի

Շատեր կ’ըսեն թէ կարեւոր չէ թէ ո՛ր կրօնքին կը պատկանիս։

Աստուած կ’ընդունի՞ որ պաշտամունքի մէջ արձաններ գործածենք

Ատոնք կրնա՞ն մեզի օգնել որ Աստուծոյ մօտենանք, հակառակ անոր որ իրեն չենք տեսներ։

Աստուած բոլո՞ր աղօթքները կը լսէ

Ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ մէկը անձնասէր բաներու համար կ’աղօթէ։ Ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ տղամարդ մը իր կնոջ հետ գէշ կերպով կը վարուի եւ Աստուծմէ կը խնդրէ որ օրհնուի։

Ի՞նչ է Աստուծոյ կարծիքը ամուսնութեան նկատմամբ

Աստուած կ’ուզէ որ ամուսնութիւնդ յաջող ըլլայ։ Սուրբ Գիրքին լաւ խրատները շատ մը զոյգերու օգնած է։

Աստուած պոռնկագրութիւնը մեղք կը սեպէ՞

Աստուածաշունչին մէջ «պոռնկագրութիւն» բառը կը գտնե՞նք։ Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ Աստուած պոռնկագրութեան նկատմամբ ինչպէ՛ս կը զգայ։